Ի Վերջոյ՝ , ո՞վ իրաւունք ունի այս հայկական կեանքէն ներս 100 տոկոսով.  Ո՛չ ոք, ամէն պարագայ ունի իր բացատրութիւն՝ը բացի հին ու նոր չարութենէն:  Հետեւաբար ոսկէ միջին՝ը «միջին» տարբերակն է՛, որ ալ աւելի դիւանագիտութեամբ ու ազնուութեամբ շատ ու շատ հարցերու լուծում կուտայ եւ պէտք է՛ հեռու մնալ, խուսափելով աջ ու ձախ կամ վեր ու վարի ազգաին գաղափարախօսութեան ծայրայեղութիւններէ:

Այսօր՝ պողպատեայ քաղաքականութիւն մեզ պէտք չ՛է, այլ պողպատեայ կամքով օժտուած միաւոր մարմինն է՛ մեզ՝ պէտք:

Ինչպէս գիտենք, որ ժամանակը ոսկի է՛ եւ դեռ բոլորով միասին ծալապատիկ նստած կարծես յատուկ ձեւ ենք գտած Ազգովի՝ լրագրողի ու իրաւաբանի գործը կը կատարենք եւ այլ ելեւէջներով միայն բողոքի ձայներ բարձրացնելով գրեթէ անգործ վիճակի մէջ ենք եւ նախապէս իմանալով, որ մեզ մարդու տեղ դնող եւ լսող չիկայ՛:

Գոնէ պահ մը անդրադարձէք՛, թէ՝ ինչպէս կը վարուին ու կը յարաբերուին այսօրուայ իշխանութիւնները իր սեփական ժողովուրդի նկատմամբ եւ իշխանութիւններու ամէնօրեայ սերմանած ժողովուրդին շեղելու միտումնաւոր մտքերէն՛, ուղղակի պէտք չէ՛ յղիանալ եւ անգործ մնալ:

1999 թուականի հոկտեմբերի 27-էն ետք արդէն մենք հայերս ունինք բոլորովին այլ երկիր ու այլ համակարգ:

Մէկ ամբողջութիւն կազմող բռնապետական երկրի մը մէջ, բարելաւում եւ նոր կեանք մտցնելը, ընդվզիլը, հիմնական փոփոխութիւններ առաջ բերելը, յեղաշրջում կատարել՝ը խաղ ու պար չ՛է եւ խնձոր չէ՛, որ սպասես թէ՝ երբ՞ պտուղը կը հասուննայ՝ եւ ափիդ մէջ կ’ինայ՝: Հետեւաբար՝ պէտք է՛ բռնապետական վարչաձեւի դէմ պայքարիլ՝ ամբողջ գիտակցութեամբ, առաջնահերթութեամբ, կազմակերպուածութեամբ, զոհաբերութեամբ եւ նուիրուածութեամբ:  Մէկ՝ խօսքով «Յեղափոխութիւն՛»:

Թող՝ բոլորը իմանան, որ ՀՀ-ան այս համակարգը մեր ազգի ու պետականութեան պատուհասն է՛:

Թող՝ բոլորը իմանան, որ այս համակարգը պատրաստ է վերադարձնել եօթ շրջան,Իսկ ազգ՝ը պատրաստ՞ է զինք ուղարկել կրողի ծոց՝ը:

Թող՝ բոլորը իմանան, որ արհեստական՛ շնչառութեամբ, չարիքի ծառայող համակարգ՝ը չէ՛ն կարող պահել ու փրկել եւ մասնաւորապէս մուրացկանութեամբ փող մուրալով երիր չեն կառուցեր:

Թող՝ բոլոր քաղաքական ուժերը իմանան եւ ամբողջ հայ ժողովուրդը իմանայ, որ այս համակարգի ներգոյ արդար ընտրութիւններ կարելի չ՛է յաջողցնել եւ որքան՞ կարելի է այս նիւթի շուրջ ամէնօրեայ մարդոց խաբել, եւ նոյնպէս ազգի ազնիւ նուիրեալներուն սեւացնել, մեղադրել, բանտարկել ու «Սասնա Ծռեր» տղաներու «Ռոպին Հուտեան» Հերոսական Իրականութիւն՝ը անուանել որպէս յիմարութիւն ու չարիք եւ շարունակելով փորձել համոզել մեր ժողովուրդին, թէ որն է ճիշտ՝ը կամ սխալ՝ը։ Հերիք է՛ ողորմելիներ, մենք սպասելու ժամանակ՝ը եւ իրաւունք՝ը այլեւս չունինք՛ եւ գալու է՛ այն պահը, որ բոլորը իրենց պատասխանն են տալու:

Երբ կը տեսնեմ եւ կը հետեւիմ մեր շատ մը հանրածանօթ հայրենակիցներու գրառումները, զանազան առիթներու իրենց հնչեցուցած կարծիքները եւ կ’անդրադառնամ մեծ ցաւ ապրելով, թէ՝ որքան աժան, հոգեկան գոյութիւնը չճանչցող, դրամի եւ շահի հետեւող, կախեալ, վախկոտ ու դաւաճան տականքներ ունի մեր ազգ՝ը:

Հայաստանի մեր Քոյր-Եղբայրներուն այսօր կը յուզէ իրենց կեանքի որակ՝ը, ապրելաձեւը, տնտեսական իրավիճակը եւ ի հարկէ անվտանգութիւն՝ը բոլոր առումներով։ Իրենց վճռական որոշումի բացակայութիւնն է, որ ազգային ազատագրական պայքարի նպատակը ցաւոք դեռ չիրականացաւ:

Եթէ ՀՀ-ան քաղաքացին հակուած չէ՛ դուրս գալ փողոց, ուրեմն նա չի՛ կրնար ակնկալել, որ արեւը կարող է՛ առաւօտ բարձրանալ ու մեզ բոլորիս ջերմացնել՛: Հետեւաբար՝ սիրելի հայրենակից եւ արժանապատիւ երիտասարդ, Հայ ազգին մէջ շատ լաւ ու գիտակից հայորդիներ կան, եթէ՝ չի՛ գտար մէկ՝ը ապա դարձիր դուն մէկ՝ը եւ մի՛ նայիր դու մարդու ճարտարութեան, այլ նայիր նրա հաւատարմութեան, տուած խոստումը եթէ՝ կատարեց, քո իմացածէն ալ աւելի մէծ է նա անպայման:  Ուրեմն պէտք է՛ դուրս գալ փողոց եւ բոլոր արդար մեր բոլորիս՛ իրաւունքներուն տէր դառնալ:

Գոնէ ինձ համար մէկ բան պարզ է՛ եւ ընդհամենը իմ կարծիքն է, քանի դեռ խորհրդային միութեան ժամանակներէն ազդուած մարդոց մտածելակերպը այդ կարծրատիպը չենք կարողացեր փշրել, օտար պետութիւններու ազդեցութեան տակ ծառայողական վիճակեն դուրս չենք եկեր եւ արմատական փոփոխութիւններ մեր երկրէն ներս չենք կաողացեր հաստատել եւ քանի դեռ ՀՀ-ն իշխանութիւններ՝ը կը շարունակեն կեղեքել մեր սեփական ժողովուրդին եւ ինչպէս տակաւին համայն Հայութեան վստահութիւնը ձեռք չե՛ն բերած եւ չե՛ն արժանացած, հետեւաբար մի՛ սպասէք երազել ու տեսնել հզօր Հայաստան՝:

«Հայութիւնը այսօր կը կրէ եւ մասնաւորապէս մեր Սուրիահայ բոլոր Քոյր ու Եղբայրները ՀՀ-ն իշխանութիւններու, Հայոց եկեղեցիներու բոլոր առաջնորդներու եւ բոլոր կուսակցութիւններու անգործ վիճակի բոլոր տեսակի դժուարութիւններ՝ը»:

Սիրելի հայրենակից,

Մենք պէտք է կարեւորելով շատ արագ ստեղծենք ճիշտ եւ համոզիչ գաղափարախօսութեան համար այնպիսի «քաղաքատնտեսական» հարթակ, որ շատ յստակօրէն կարողանանք լուսաբանել ու համախմբել մեր ժողովուրդին:

Ել՛, Ել՛ վեր կաց նոր սերունդ, ազգի արմատները չեն չորաացեր ու զանգերը չեն լռել, Վեր կաց ու դուրս եկուր փողոց: Զինուէք՛ գիտակցութեամբ ու վճռականութեամբ եւ ո՝չ միայն սպասելու, տոկալու կամ գոյատեւելու կարողութեամբ եւ համբերութեամբ:

Բայց՝ այն ու ամենայնիւ խոստանալով համայն հայութեան, որ մենք՝ միասին հանուն հայրենիքի եւ հանուն մեր ժողովուրդի ու նոր սերունդին իրականացնելու ենք եւ հասնելու ենք մեր ազնիւ նպատակին:

Թորոս Սէֆիլեան  

Պէյրութ, Լիբանան 

Lebanon Chapter

Leave a Comment

Սոցիալական Ցանցերում

Ֆեյսբուք

Մոտակա Միջոցառումները

No results found.